Գերմանիան եւ Ալպէր Սեւինչ հիմնադրամը

Երբ հիմնադիր Ալպէր Սեւինչ Թուրքիայէն Գերմանիա ժամանեց 1978-ին, ան մօտէն ծանօթացաւ երկրին եւ ժողովուրդին, որոնք բոլորովին տարբեր էին իր գիտցածէն: Ճարտարապետութեան երիտասարդ ուսանողը՝ արամէական-հայկական արմատներով, ոչ միայն կը հետաքրքրուէր Գերմանիոյ, Եւրոպայի, գերմանացիներուն եւ եւրոպացիներուն պատմութեամբ, այլ նաեւ՝ իր ծննդավայր Թուրքիոյ եւ արամէացիներուն ու հայերուն պատմութեամբ եւ կացութեամբ: Այս հետաքրքրութիւնները արտացոլացումն էին իր ինքնութեան փնտռտուքին: Գերմանիոյ մէջ իր փորձառութիւնը վճռականօրէն ձեւակերպած է իր աշխարհահայեացքը եւ առհասարակ իր կեանքը:

Երբ մէկը օտար երկիր երթայ, բնականաբար ան կը հետաքրքրուի իր նոր միջավայրո եւ զայն կը համեմատէ իր բուն երկրին հետ: Ընկերաբժշկական խնամքը, կրթութիւնն ու մարզուելու դրութիւնները կը մարմնացնեն Գերմանիոյ ընկերային համակարգը, որ բարձրորակ կեանք կ՛ապահովէ իր քաղաքացիներուն: Այս ընկերային համակարգը պէտք է գնահատուի, տրուած ըլլալով որ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ քաղաքացիները զրկուած են տարրական այս ծառայութիւններէն: Աւելին. Ժողովրդավար պետութեան, ազատական, ազատակեաց եւ հանդուրժողական ընկերութեան բարենպաստութիւնները պէտք չէ մոռցուին: Գերմանիոյ մէջ, անկախ ծագումէն, կրօնքէն, արժէքներէն, աշխարհայեացքներէն, մարդիկ որակաւոր կեանք կը վայելեն, ինչպէս նաեւ կը վայելեն սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած զանազան ազատութիւններ եւ իրաւունքներ:

Գերմանիա գալ ու ապրելու պատճառները շատ են: Արդարեւ, Գերմանիան բաւական առաւելութիւններ ունի եւ կ՛ընձեռէ շատ հնարաւորութիւններ, որոնք ուրիշ երկիրներու մէջ կա՛մ մասամբ տրամադրելի են եւ կամ բացարձակապէս գոյութիւն չունին: Գերմանիան Ալպէր Սեւինչին՝ որպէս կեղեքուած ցեղակրօնական համայնքի անդամի, օժտած է իրաւունքներով, ազատութիւններով, եւ այնպիսի հնարաւորութիւններով, զորս ան երբեք պիտի չունենար իր ծննդավայր երկիրը: Ինչպէս շատ գաղթականներ, ան այս թանկ առիթը օգտագործեց՝ նոր կեանք կերտելու համար՝ յաջողակ գործի ասպարէզ նետուելով:

Արամէացիները եւ հայերը երկու հին ազգեր են՝ մշակութային հարուստ ժառանգութեան տէր ազգեր, որոնք կու գան Միջագետքէն, որ կը գտնուի Փոքր Ասիոյ եւ Հարաւային Կովկասի միջեւ: Հայերը կրցան ազգային պետութիւն հիմնել իրենց պատմական հայրենիքի մէկ փոքր մասին վրայ, մինչդեռ արամէացիները առանց պետութեան ազգ մըն են, եւ անոնց գոյատեւումը Միջին Արեւելքի մէջ տակաւին խաթարուած է: Ինչո՞ւ մեծ թիւով հայեր եւ արամէացիներ, իրենց հայրենիքը թողելով, աշխարհացրիւ կ՛ապրին: Ինչո՞ւ, արամէացիներուն եւ հայերուն նօսրացման զուգահեռ, կեդրոնական եւ արեւմտեան Եւրոպայի աճը տեղի ունեցաւ: Վերջապէս, ի՞նչպէս Գերմանիան կրցաւ այսքան ազդեցիկ եւրոպական երկիր ըլլալ:

Ասոնք հարցումներ են, զորս անհրաժեշտ է ընկալել միայն այն պատմական գործընթացներու շրջարկին մէջ, որոնց շնորհիւ յառաջացած են ներկայի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական նուաճումները Գերմանիոյ մէջ եւ ընդհանուր առմամբ Եւրոպայի մէջ: Բարեկարգումներու եւ լուսաւորման ժամանակաշրջանի նուաճումները հիմնական դեր խաղցած են այս անցուդարձին մէջ: Հակառակ որոշ արգելքներու՝ շարք մը գործօններ ստեղծած են Եւրոպա մը, ուր մարդիկ, աշխարհի բոլոր ծագերէն, կրնան ապահով եւ խաղաղ կեանք ապրիլ:

Թէեւ Գերմանիա բարգաւաճ երկիր մըն է եւ իր քաղաքացիները ընկերային եւ բժշկական ընդարձակ խնամք կը վայելեն, բայցեւայնպէս որոշ խնդիրներ միմիայն յանձնառու քաղաքացիներու միացեալ ջանքերով կը կարգադրուին: Ասիկա ոչ միայն պատասխանատուութեան զգօնութիւն կը պահանջէ, այլեւ կամաւորական խիստ յանձնառութիւն: Երկուքն ալ առկայ են Գերմանիոյ մէջ: Գործունեայ քաղաքացիներու ստեղծած ընկերային եւ բարեգործական հաստատութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան բազմաթիւ ընկերային հարցեր լուծելու մէջ:

Հիմնադիրը գոհ եւ շնորհապարտ է, որ մաս կը կազմէ այս հիանալի շրջանակին: Միաժամանակ ան քաջ կը գիտակցի, թէ նաեւ պատասխանատու է ծառայելու ընկերութեան երկարատեւ եւ հաւաքական ջանքերու միջոցաւ, քանի որ այս ջանքերը կարեւոր ուղիներ են յաւելեալ զարգացումներու եւ բարեփոխութիւններու համար: Մասնաւորապէս, ան կ՛ուզէ իր երախտագիտութիւնը յայտնել՝ Գերմանիոյ մէջ իր սորվածին եւ իրագործածին համար՝ այս հիմնադրամին միջոցաւ օժանդակելով բազմապիսի ընկերային նախաձեռնութիւններու: Հիմնադրամս կը յուսայ, որ իր ջանքերը պիտի խրախուսեն Գերմանիոյ մէջի այլ գաղթականներ, որոնք յաջողած են Գերմանիոյ ընծայած առիթներուն շնորհիւ, որպէսզի փոխադարձաբար նպաստեն երկրին ընկերային զարգացման: Առաջին քայլը պիտի ըլլայ ընդունիլ, յարգել եւ արտայայտել Գերմանիոյ ընկերութեան մաս կազմելու իրողութիւնը:

Սահեցնել դէպի Ցուցակ