Եզիտիները

Հիմնադիր Ալպէր Սեւինչը Միջագետքի թրքական աշխարհամասէն կու գայ, ուր ժամանակին առաւելապէս արամէացիները եւ հայերը կը բնակէին: Եզիտիները հոն տեղակայուած ուրիշ խմբակ մըն են: Անոնք, արամէացիներուն եւ հայերուն պէս, հաւատքի համար վայրագ հալածանքի երկար պատմութիւն ունին: Անոնց կրօնքը,մշակոյթն ու պատմութիւն բաւական անծանօթ կը մնան: Արամէացիներն ու հայերը մինչդեռ կը ճանչնան եզիտիները եւ ապրած են անոնց հետ խաղաղութեամբ:

Կրօնք եւ ինքնութիւն

Բազմաթիւ կրօնքներ գոյացած են Միջագետքի մէջ, որոնցմէ ոմանք կա՛մ բոլորովին անհետացած են եւ կամ սակաւաթիւ հետեւորդներ ունին այսօր: Ամէն իշխանութիւն ձեռք ձգողի հետ կրօնք մը կը գերակայէր, մինչ պարտութեան մատնուողը բազմիցս կը հալածուէր: Հալածուողներէն են եզիտիները: Եզիտիութիւնը միաստուածեան կրօն մըն է, որ աւելի քան 2000(ՔԱ) տարեկան է: Անիկա կը կրէ տարածաշրջանեան կրօնքներէ՝ միհրապաշտութենէն եւ զրադաշտականութենէն զանազան տարրեր:

Եզիտիութիւնը մեծապէս ազդուած է գրային երեք կրօնքներէն՝ հրէութենէն, քրիստոնէութենէն եւ իսլամէն: Շէյխ Ատի Իպըն Մուսաֆիր, որ Լիբանանէն եկած է, էական դեր խաղցած է վասն անոր զարգացման: Գերեզմանը այս շէյխին, որ 1162-ին մահացած է եւ զոր եզիտիները կը սրբադասեն, Լալիշի մէջ կը գտնուի: Լալիշը վերիվարոյ 40 քմ հեռաւորութեամբ Մոսուլի հիւսիս-արեւելքը կ՛իյնայ: Լալիշը եզիտիներուն կրօնական կեդրոնավայրն է:

Եզիտիներուն ինքնութիւնը կը յատկանշուի իրենց կրօնքով եւ անոր կապուած սովորութիւններով, արժէքներով եւ սկզբունքներով: Սիրամարգի ձեւ ունեցող հրեշտակի պաշտամունքը հիմնական դեր կը խաղայ: Եզիտիներուն համար հրեշտակ սիրամարգը երկակի ունակութիւններ ունի, ինչպէս կրակը. Անիկա լոյս կու տայ եւ կրնայ մահացու ըլլալ միաժամանակ. անիկա կը մարմնաւորէ բարին ու գէշը մէկ ձեւի մէջ: Քանի որ եզիտիները համարեա բոլոր քիւրտերուն պէս կը խօսին եւ նմանութիւններ կը բաժնեն, ցեղապէս համարեա քիւրտ կը նկատուին: Բայց եզիտիներէն շատեր, հակառակ լեզուական եւ մշակութային նմանութիւններուն, իրենք զիրենք քիւրտ չեն համարեր, այլեւ՝ ցեղակրօնային ինքնուրոյն համայնք: Ցեղակրօնային ինքնուրոյնութեան շեշտը ուժեղացած էր այն իրողութեամբ, որ եզիտիները յաճախ հալածուած եւ կեղեքուած են իրենց հաւատքին պատճառաւ մուսլուման քիւրտերէն:

Եզիտիները իսլամական դարաշրջանին

Միջագետքի պատմութիւնը նկարագրուած է օտար ուժերուն երկարատեւ բազում պատերազմներով եւ արշաւանքներով: Արաբական թերակղզիէն ծնունդ առած իսլամական յաղթարշաւը 7-րդ դարուն նոր սկիզբ դրաւ Միջագետքի պատմութեան: Ի մասնաւորի եզիտիներուն հաշուոյն իսլամական տիրապետութիւնը աւերիչ հետեւանքներ թողեց, տրուած ըլլալով որ անոնք սուրբգրային կրօնքի չեն պատկանիր:

1623-էն մինչեւ 1639 թուականը Միջագետքի մէջ եզիտիներուն շրջանները պատերազմի դաշտի վերածուած են սիւննի օսմանեան կայսրութեան եւ շիի սեֆեաններու պարսկական կայսրութեան միջեւ: Սա պատերազմը վերջնականապէս աւարտեցաւ Քասրէլշիրինի խաղաղութեան դաշնագիրով, որ օսմանցիներուն թոյլ տուաւ, որ իշխեն Միջագետքն ու հայկական լեռնաշխարհը՝ այդպիսով արամէացիներուն, հայերուն եւ եզիտիներուն կեանքերը իրենց ողորմութեան տակ պահելով մինչեւ առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտը:

Թէեւ եզիտիները հալածուած եւ ճնշուած էին արաբական, պարսկական եւ օսմանեան լուծերուն տակ, սակայն կրցած են պահպանել իրենց ինքնութիւնը առ 19-րդ դար: Ի տարբերութիւն իրենց քրիստոնեայ հարեւաններուն՝ անոնք զինուած էին եւ գէթ կրնային իրենք զիրենք պաշտպանել: Արտառոց եւ խաղաղասէր եզիտիները լուրջ սպառնալիք մը չէին օսմանեան իշխանութեան համար:

Տեղական ուժեղ քիւրտ ղեկավարներն էին, որ պատասխանատու էին եզիտիներու դէմ գործուած շատ մը կոտորածներու 19-րդ դարուն: Մասնաւորապէս քիւրտ ղեկավար Պետիր Խան Պէյն էր, որ 1830-ի եւ 1840-ի միջեւ եզիտիները կեղեքեց: Մինչ օսմանեան կառավարութեան քրիստոնեաները կը յուսային եւրոպական ուժերէն օգնութիւն ստանալ, ոչ ոք նեցուկ կանգնեցաւ եզիտիներուն իրաւունքներուն եւ պաշտպանութեան: Արդարեւ, եզիտիները տեւաբար կը ճզմուէին ջարդերով եւ բռնի իսլամացումով:

Եզիտիներէն շատեր հեռացան դէպի ռուսական տիրապետութեան տակ գտնուող Հարաւային Կովկաս՝ ցարական Ռուսաստանի Հարաւային Կովկաս յառաջանալէն ետք՝ 19-րդ դարու սկզբնաւորութեան: Ռուսաստանը արեւելեան Հայաստանէն բաժիններ գրաւեց Օսմանեան Կայսրութեան դէմ քանի մը պատերազմ մղելէ ետք: Նոյնիսկ առաջին աշխարհամարտի ժամանակ եւ յետագայ տարիներուն, եզիտիները ապաստան գտան առաւելաբար հայաշատ շրջանները, որպէսզի խուսափին թրքական լուծէն: Սովետի իշխանութեան ժամանակ եզիտիները եւ փոքրամասն քիւրտերը վայելեցին մշակութային յառաջընթաց: Այն եզիտիները, որոնք այժմ կ՛ապրին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի մէջ, տնտեսական դժուար պայմաններ կը դիմագրաւեն, այդուհանդերձ իրենց սեփական ինքնութիւնը պահելու ի վիճակի են:

Եզիտիները Թուրքիոյ մէջ

Գերմանիա բնակող 150,000-ը գերազանցող եզիտիներէն շատեր (որոնք մօտաւորապէս 10%-ը կը կազմեն ամբողջ աշխարհի եզիտի ժողովուրդին) Թուրքիայէն ժամանած են: Անոնց արտագաղթը տեղի ունեցաւ 11 Սեպտեմբեր 1980-ի զինուորական յեղաշրջման յաջորդող կեղեքումներուն եւ հալածանքներուն ի տես: Իսլամի աստիճանական հզօրացումը՝ որպէս պետական կրօնք, եւ քրտական ազատագրական շարժման հետ բախման թեժացումը, երկրի հարաւ-արեւելքը, զգալի հետք թողեցին եզիտի եւ սակաւաթիւ արամէացի ժողովուրդներուն վրայ: Անոնց գիւղերը քանդուեցան, ինչքերը թալանուեցան եւ կեանքերը սպառնալիքի տակ էին: Թրքական պետութիւնը եւ տեղացի քրտական ուժեղ տոհմեր միասնաբար աշխատեցան եւ առիթէն օգտուելով ապօրինաբար իւրացուցին եզիտիներուն եւ արամէացիներուն ունեցուածքները: 1980-էն ետք գրեթէ բոլոր եզիտիներն ու արամէացիները լքեցին իրենց աւանները եւ ճամբորդեցին Գերմանիա, Շուէտ կամ այլ եւրոպական երկիրներ:

Միջագետքի եզիտիներուն ողբերգութիւնը

Հակառակ ծանր պայմաններուն՝ Միջագետքի իրաքեան մասի ցեղակրօնային փոքրամասնութիւնները գոյատեւած են երկար ատեն: Համաշխարհային պատերազմէն ետք տարածաշրջանի բաժանումով՝ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ եզիտիները անջատուեցան իրենց հոգեւոր առաջնորդութենէն եւ կրօնական կեդրոնէն Լալիշէն՝ Իրաք:

Իրաքի առաջին պատերազմը, որ սկսաւ 1991-ի սկիզբը, եւ որ արմատապէս տարածաշրջանային կացութիւնը փոխեց, խոր փոփոխութիւն յառաջացուց: 2003-ի Մարտին, իրաքեան երկրորդ պատերազմը բռնկեցաւ եւ ցարդ կը շարունակուի: «Իսլամական Պետութեան» երեւան գալով եւ ընդարձակումով, եւ 2014-ին անոր կատարած Իրաքի արշաւանքով՝ Իրաքի ողբերգութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ: Այս արշաւանքին հետեւանքը գլխաւորապէս Սուրիոյ սահմանակից շրջաններու եզիտիներուն ազդեց:

Եզիտիներուն եւ արամէացիներուն նման ցեղակրօնային փոքրամասնութիւնները, որոնք չարաչար անպաշտպան եղած են ճակատներուն միջեւ, կա՛մ պիտի ջարդուին եւ կամ պիտի լքեն իրենց հայրենիքը նախքան ընտրութիւնը:

Սինկալի մէջ ցեղասպանութիւնը

Սինկալի լեռնաշխարհը, որ Սուրիոյ սահմանամերձ է եւ Իրաքի հիւսիս-արեւելքը կը գտնուի, տակաւին եզիտիահոծ տարածք կը համարուի: 1915-1916թթ.՝ հայկական եւ արմէական ցեղասպանութիւններուն ատեն, Սինկալը ապաստարան եղաւ այն արամէացիներուն եւ հայերուն համար, որոնք Օսմանեան Կայսրութեան բոլոր կողմերէն տեղահանուեցան դէպի Միջագետքի անապատները: Ան որ կրցաւ խոյս տալ արտաքսման քարաւաններէն կամ մահուան ճամբարներէն, ապահով ապաստարան գտաւ Սինկալի մէջ: Եզիտիները, որոնք պէտք է պայքարէին գոյատեւելու համար պատերազմի տարիներուն, հայերուն փրկութեան ձեռք երկարեցին, եւ իրենց սակաւ ուտեստեղէնը կիսեցին անոնց հետ: Եզիտիներու յամառ դիմադրութեան շնորհիւ՝ օսմանեան բանակը չարաչար ձախողեցաւ հայերն ու արամէացիները ընկճելու մէջ:

Գրեթէ 100 տարի ետք իրենք պիտի ըլլային ցեղասպանութեան զոհերը: 2014-ի Օգոստոսին Իսլամական Պետութեան միաւորները Սինկալ թափեցան եւ ցեղասպանութիւն գործեցին անպաշտպան եզիտի քաղաքացիներուն դէմ: Եզիտիներէն շատեր քրտական ինքնավար մարզ անցան, հազարաւոր եզիտիներ ինկան Իսլամական Պետութեան ձեռքը: Շուրջ 40,000 եզիտիներ, փախելով Սինկալէն, աշխարհէն կտրուած էին շաբաթներով: 2014-ի աւարտին վերջապէս յաղթական զօրքերը կարողացան յաղթել ԻՊ-ին եւ փրկել զիրենք:

ԻՊ-ի տմարդի ոճիրներու պատճառաւ աշխարհին ուշադրութեան կիզակէտը դարձան մոռցուած եզիտիները: ՄԱԿ-ի խորհուրդը դատապարտեց ԻՊ-ի կատարած բռնարարքները եզիտիներուն դէմ՝ զայն ցեղասպանութիւն նկատելով: Եզիտիներու ողբերգութեան աւարտը ակներեւ չէ. Քրտական ինքնավար մարզին մէջ Իրաքի զանազան շրջաններէ եկած հարիւր հազարաւոր տարագիրներ խիստ դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրին: Տակաւին յայտնի չէ, թէ ի՛նչպէս եզիտիները կրնան իրենց գիւղերը վերադառնալ:

Մեծ թիւով եզիտիներ դեռ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ է ճակատագիրը իրենց հարազատներուն (մեծաւ մասնօրէն կիներ եւ երիտասարդուհիներ), որոնք առեւանգուած են ԻՊ-ի կողմէ: Անոնք որոնք կրցան ԻՊ-ի բանտարկութենէն ազատիլ, կամ փրկագինով ազատ արձակուեցան, հոգեպէս ցնցուած են իրենց առեւանգման ընթացքին ահաւոր փորձառութիւններէն եւ կարիք ունին հոգեբանական օգնութեան:

Արտագաղթ եւ սփիւռք

Եզիտիներէն շատեր ապագայ չեն յուսար իրենց հայրենի Միջագետքին մէջ, ուր կռիւի վերջը եւ բարեկեցիկ կեանքի հեռանկարը բացառուած են հիմակուհիմա: Թուրքիոյ եզիտիներու հայրենալքումը, վերջին տարիներուն, կ՛աւելնայ Իրաքէն եւ Սուրիայէն հայրենալքման վրայ: Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք Հայաստանի եւ Վրաստանի եզիտիներուն կենսապայմաններն ալ փոխուեցան:

Թէեւ հալածուած եւ բռնադատուած չեն իրենց կրօնքին համար, բայցեւայնպէս եզիտիներէն շատեր արեւմտեան եւրոպական երկիրներ գաղթած են տնտեսական դժուար կացութեան պատճառաւ: Սփիւռքի մէջ եզիտիները բոլորովին նոր խնդիրներ եւ վտանգներ կը դիմակալեն: Եթէ իրենց ֆիզիքական գոյութիւնը սպառնալիքի տակ էր մուսուլմանական գերիշխանութեամբ Միջին Արեւելքի մէջ եւ բռնի ուժով հարկադրուած էին հրաժարիլ իրենց կրօնքէն եւ իսլամ ընդունիլ, ապա այժմ գոյութենական հարց կը դիմագրաւեն սփիւռքի մէջ. իրենց ինքնութիւնը պահել, իրենց աւանդական կեանքը, արժէքները եւ սկզբունքները վերականգնել արեւմտեան եւրապական քաղաքներու պայմաններուն ներքոյ:

Ալպէր Սեւինչ հիմնադրամը յանձառու է եզիտիներուն

Ալպէր Սեւինչ հիմնադրամը ուշադրութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ եւ Իրաքի եզիտիներուն իրավիճակին: Հիմնադրամս, գործակցելով եզիտի եւ առնչեալ այլ հաստատութիւններու, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ծրագիրներու պիտի ձեռնարկէ, որպէսզի վերականգնէ վտարման եւ պատերազմի ենթարկուած այս ժողովուրդին կեանքը: Սոյն նախաձեռնութիւնը կը միտի հակադարձելու այն վտանգին, որ կը սպառնայ պատմութեան ընթացքին ազգային, մշակութային եւ կրօնական այլազանութեամբ հարուստ բաղադրութիւն ունեցած Միջին Արեւելքի բնակչութեան, եւ մասնաւորապէս՝ Միջագետքի բնակչութեան: Օժանդակելով վտանգուած եզիտիներուն՝ հիմնադրամս նաեւ կ՛ուզէ փոխադարձ զօրակցութիւն ցուցաբերել Միջագետքի վտանգուած փոքրամասնութիւններուն միջեւ:

Սահեցնել դէպի Ցուցակ