Միրքօ Ռատքէ

Միրքօ Ռատքէ ծնած է Տիւսելտորֆ 1965 թուկանին, մեծցած է Կրույթեն` Պերկիշլանտի շրջանը: Հաաներ վարժարանը երկրորդական վկայականով աւարտելէ ետք՝ ճարտարապետութիւն կը սորվի Ֆախհոխշուլ Տիւսելտորֆի մէջ: 1994-ին Գերմանացի Ճարտարապետներու հիմնարկէն գերազանցութեամբ կը վկայուի: Անոր արհեստավարժական ասպարէզը կը սկսի ճարտարապետներ Փրոֆ.Պ.Վոն Շամիերի եւ Ֆ.Մոլինայի գրասենեակէն, ուր ան կ՛աշխատէր 1994-1996 շրջանին: Ապա ան մասնակցեցաւ Տիւսելտորֆի օդակայանի սպասարանին եւ IC մետրօկայարանին ծրագրաւորման: 1996-էն 2003-ի միջեւ Տիւսելտորֆի Գործնական Գիտութիւններու Համալսարանէն ներս պաշտօնավարած է որպէս դասախօս: Միրքօ Ռատքէ անկախ ճարտարապետ մը եղած է 1998-էն ի վեր եւ կ՛աշխատի Ալպէր Սեւինչի ընկերութեան՝ «Փլանէն ունտ Պաուըն ԿմպՀ»-ի հետ:

Դոկտ. Տիգրան ՏաՊաՂ

Դոկտ. Տիգրան Տապաղ` իրաւաբան եւ նոտար, ծնողներով հայ, ծնած է 1977-ին Էսսենի մէջ: Անոր մայրը՝ Սոնան, բժիշկ է, իսկ հայրը՝ Միհրանը, Պոխումի Ռուհր համալսարանին մէջ փրոֆեսոր է եւ վարիչն է սփիւռքի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց հիմնարկին: Դպրոցը աւարտելէ ետք՝ Տիգրան Տապաղ իրաւաբանութիւն ուսանած է 1997-ին: Երկրորդ պետական օրինական քննութենէն ետք՝ 2005-ի Ապրիլին, ան որպէս իրաւաբան աշխատած է մինչեւ 2008, երբ դատախազ դարձաւ: 2008-էն ի վեր բժշկական իրաւաբանութեան մասնագէտ, եւ 2009-էն ասդին նաեւ մասնագէտ դարձած է վարձակալութեան եւ կալուածային օրէնքներուն մէջ: 2009-ին, տնտեսագիտութեան եւ հարկային օրէնքներու դասընթացք անցուցած է Պոխումի Ռուհր համալսարանէն ներս: 2013-ի Օգոստոսին, ան յաջողեցաւ նոտարական մասնագիտական քննութեան մէջ Նոտարներու Ազգային Միւթեան մօտ, եւ այդպիսով իրաւաբանի ու նոտարի պաշտօն կը վարէ Պոխումի մէջ 2014-ի Հոկտեմբերէն ի վեր:

Եաուսեֆ Պէթ Թուրօ

Արամեացի լրագրող Եաուսեֆ Պէթ Թուրօ ծնած է Մարտին քաղաքը՝ Թուրքիոյ հարաւարեւելքը, 1975 թուականին: Դպրոցը աւարտելէ ետք՝ արամերէնի եւ արաբերէնի յաւելեալ ուսում ստացած է սրիանի ուղղափառ, նշանաւոր Տէյր Զաֆարան վանքին մէջ: 1993-էն ի վեր հոլանտական Էնշէտէ քաղաք կը բնակի: Եաուսեֆ Պէթ Թուրօ կամաւորապէս գործ կը տանի 1996-էն սկսեալ յանուն արամերէնի եւ արամեական մշակոյթի(սուրիոյօ) պահպանման ի սփիւռս աշխարհի: Ան համահիմնադիրն է Սուրոյօ հեռատեսիլային կայանին, որ առաջին հեռատեսիլային ալիքն է, որ ի սփիւռս աշխարհի արամեացիներուն տեղեկատուութիւն կը հրամցնէ իրենց սեփական լեզուով՝ ծառայելով ինքնութեան եւ լեզուի պահպանման գործին: Եաուսեֆ Պէթ Թուրօ արամեական զանազան հիմնարկներու եւ միութիւններու մաս կը կազմէ, ինչպիսիքն են՝ Միջագետքի Հիմնարկը եւ Եւրոպայի Սիրիանիական Միութիւնը:

Ամիլ Կորկիս

Ամիլ Կորկիս ծնած է 1952-ին արամեացի ծնողներէ Քապրէ-Հէուորէ գիւղը՝ Սուրիա: Հոն յաճախած է քրիստոնեական նախակրթարան 1958-1964 թուականներուն, որմէ ետք Գամիշլի քաղաքը երկրորդական վարժարան յաճախած է:Դպրոցէն ետք՝ 1970-ի աւարտին, ան հեռացած է Սուրիայէն եւ հատատուած է Պերլին: Հոն Թեքնիքական Համալսարան յաճախած է 1972-ին: Ուսումը լրացնելով՝ 1980-ին Սիմընզի Մեսկերաթեուերք աշխատած է Պերլինի մէջ: Ամիլ Կորկիս 1977-էն ասդին գործունեայ եղած է Պերլինի ուղղափառ սրիանիներու համայնքին եւ զանազան արամեական կառոյցներու մէջ: Ան թարգմանած է սրիանի ուղղափառ եկեղեցիին պատկանող բազմաթիւ հոգեւորական, ուսումնական եւ պատմական գիրքեր, ինչպէս նաեւ՝ արամեացիներու ցեղասպանութեան մասին եւ Թուրիքիոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ուղղափառ սրիանի քրիստոնեաներուն մասին յօդուածներ:

Դոկտ. Կարէն Առաքելեան

Դոկտ. Կարէն Առաքելեան ծնած է Երեւան 1976-ին: Հոն 1993-էն 1999 ուսանած է պետական բժշկական համալսարանէն ներս եւ 2002-ին ասպարէզ նետուած է: Ապա աշխատած է որպէս հետազօտութիւններու օգնական Բնախօսական ամպիոնին մէջ մինչեւ 2007 թուական: 2007-2009թթ. դասախօսելէ ետք՝ անցած է Գերմանիա եւ յաճախած է Կիեսենի Ճուսթուս Լիեպիկ Համալսարանը հետազօտութեան կրթանպաստով: Այնտեղ ան նաեւ աշխատած է որպէս հիւր գիտնական մինչեւ 2012: Ուստի Դոկտ. Առաքելեան անցած է Պերլին, ուր հետազօտութեան աշխատակից եղած է մինչեւ 2015, բուսական բնախօսութեան Եոհաննէս-Միւլեր Հիմնարկէն ներս՝ Շարիթէի մէջ: 2015-էն սկսեալ ան Պերլին-Քեմի AG-ի(Իտալական յայտնի Մենարինի-Կրուփ դեղագիտական ընկերութեան մէկ մասնաճիւղին) մօտ կ՛աշխատի:

Սահեցնել դէպի Ցուցակ