20.05.2017

Ալպէր Սեւինչ Հիմնադրամի բացման հանդիսութիւնը

Իւրաքանչիւր օր կ՛ողողուինք տխուր եւ երբեմն ալ սրտաճմլիկ լուրերով, որոնք յոռետես ներկայ ու ապագայ կ՛ուրուագծեն: Միեւնոյն ատեն փառք կու տանք, որ բախտը ունինք այնպիսի երկրի մը մէջ ապրելու, ուր այս մտահոգութիւններն ու անձկութիւնները՝ աշխարհի այլ կողմերը մեծ թիւով մարդոց կեանքերը ձեւող, մեզմէ բաւականին հեռու են: Այդուհանդերձ, մեզմէ ոմանք կը մտմտան, թէ արդեօք կարելի՛ է պարզապէս անտեսել այս դժուարութիւնները դիմագրաւելու պատասխանատուութիւնը կամ փախչիլ անկէ: Անշուշտ որ զանազան ձեւեր եւ միջոցներ կան դիմագրաւելու համար այս պատասխանատուութիւնները: Ալպէր Սեւինչ Հիմնադրամը հիմնելը՝ այս ծրագիրին ճարտարապետին եւ անոր վարիչին՝ Ալպէր Սեւինչին ընտրած ուղին է:

Ալպէր Սեւինչ հիմնադրամը տօնական երեկոյթով պիտի նշէ իր բացումը 20 Մայիս 2017-ին Տիւսելտորֆի Մաքսհաուսի մէջ՝ տեղեկացնելու համար իր նպատակներուն մասին եւ ներկայացնելու համար իր հիմնադիրն ու հոգաբարձուները:
Տիւսելտորֆի քաղաքապետը՝ Պարոն Թոմաս Կէյսել, ՀՀ-ի լիազօր դեսպանը առ Գերմանիա՝ Աշոտ Սմբատեան, Գերմանիոյ մէջ հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Տ. Գարեգին արք. Պէքճեան, Գերմանիոյ եզիտիներու կեդրոնական խորհուրդի նախագահ՝ Դոկտ. Իրֆան Օրթաճ, պատուոյ նախագահը արամէացիներու համաշխարհային խորհուրդին՝ Դոկտ. Ապտօ Հատոտօ, եւ Գերմանիոյ մէջ սիրիանի ուղղափառ եկեղեցուոյ հոգեւոր պետ՝ Մատթիաս արք. Նայիս, պիտի մասնակցին սոյն ձեռնարկին՝ ուղերձներ կարդալով:

Պոխումի Ռուհր Համալսարանի «Սփիւռքի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց հիմնարկ»-ի վարիչ՝ Փրոֆ. Միհրան Տապակ, պիտի բանախօսէ:

Ալպէր Սեւինչ՝ հիմնադիրը, իր ելոյթին ընդմէջէն պիտի բացատրէ հիմնադրամին հիմնման դրդապատճառները:
Հանդիսութիւնը պիտի վարուի Ռութ Մարքարտթի եւ Մայք Ուիլմեսի կողմէն:

Ձեռնարկը պիտի ճոխացուի երգարուեստական յայտագիրով. Անդրանիկ Ֆատալեան(երգիչ), Նազելի Արսէնեան(առաջին ջութակ), Վիքթորիա Կուսաչենքօ(երկրորդ ջութակ), Հօ-Վուն Եոմ(վիոլա) եւ Դաւիթ Մելքոնեան(թաւջութակ):

Սահեցնել դէպի Ցուցակ