Արամէացիները

Միջին արեւելքի երկու մեծ գետերուն՝ Եփրատին եւ Տիգրիսին, միջեւ գտնուող շրջանը Միջագետք կը կոչուի: Սա մարդկային քաղաքակրթութեան բնօրրան է, միաժամանակ՝ արամէացիներու ծննդավայրը: Առաջին յիշատակութիւնը արամէացիներուն մասին, որոնք սեմական ժողովուրդ են, կը վերագրուի Ք.Ա 14-րդ դարուն: Արամէացիները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ նշանակալից ժողովուրդ եղած են, փաստօրէն անոնց լեզուն Ք.Ա առաջին հազարամեակին ժողովուրդներու ընդհանուր լեզուն էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Պարսկական կայսրութեան ներքոյ, որ աքեմենեաններու օրօք իր ընդարձակման ծայրագոյն աստիճանին հասաւ, արամերէնը թագաւորութեան պաշտօնական լեզուներէն էր: Եւ մասնաւորապէս արամերէն այբուբենի զարգացումը Ք.Ա 900 դարուն քաղաքակրթական հսկայ նուաճում կը նշանակէր: Անիկա հիմը կազմեց սեմական յետագայ գիրերուն եւ Մերձաւոր Արեւլեքի մէջ իր կարեւորութիւնը պահեց մինչեւ եօթներորդ դար: Անկէ ետք արաբերէնը պարտադրուեցաւ:

Արամէացիներու պատմութեան մէջ խորունկ ընկրկում մը առաջնորդեց Քրիստոնէութեան ճանաչման: Քրիստոնէութիւնը սփռուեցաւ Պաղեստինէն, անցնելով արամէացիներուն բնակած վայրերէն՝ Ասորիքէն եւ Միջագետքէն, մինչեւ Փոքր Ասիա, հոնկէ ալ հասնելով Եւրոպա: Արաբները, որոնք այն ատեն հռոմէական լուծին տակ էին, առաջինն էին որ Քրիստոնէութիւնը ընդունեցին: Կրօնը եւ եկեղեցին ցարդ մեծ նշանակութիւն ունին անոնց համար: Այսուհանդերձ, քրիստոնեայ աշխարհի յատենի ներեկեղեցական սուր հակամարտութիւնները, մասնաւորապէս Հռոմի եւ Բիւզանդական կայսրութեան միջեւ, պատճառ դարձած են, որ արամէացիները մէկէ աւելի յարանուանութիւններու բաժնուին, զորօրինակ՝ սիրիանի ուղղափառ եկեղեցի, սիրիանի կաթողիկէ կամ մարոնի եկեղեցի:

Մինչեւ Իսլամի գալուստը, արամէացիները սովորաբար արեւելեան հռոմէական եւ բիւզանդական կայսրութեան հպատակութեան տակ կ՛ապրէին: Վերջինիս եւ Արեւելքի սասանեան Պարսկաստանի միջեւ յաճախ պատերազմներ կը ծագէին Միջագետքին խնդրով: Իսլամի սփռումով եւ բիւզանդական կայսրութեան տարածաշրջանէն նահանջով՝ արամէացիները անցան Խալիֆային հպատակութեան տակ: Միայն երբ այժմեայ Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարածքները ժամանակաւորապէս խաչակիրներուն ձեռքը անցան, արամէացիներէն մաս մը քրիստոնեայի իշխանութիւնը վայելեց: Ասիկա նաեւ կը նշանակէր, թէ կաթողիկէ եկեղեցին փորձեց իր ազդեցութիւնը ընդլայնել արամէացի բնակչութեան ներքոյ: Եկեղեցւոյ հատուածականութիւնը թափ առած էր արամէացիներուն մէջ, ինչ որ բացասական հետք ունէր անոնց միասնականութեան վրայ:

Արամէացիները օսմանեան կայսրութեան մէջ

Խաչակիր պետութիւններուն յաղթելէ ետք՝ մամլուքները, օսմանեանները եւ սեֆեանները արամէացիներով բնակուած Ասորիքի եւ վերի Միջագետքի հողատարածքներուն տիրանալու համար կռիւ մղեցին: 15-րդ դարուն, օսմանեան կայսրութիւնը վերջապէս պարտութեան մատնեց իր հակառակորդները եւ գերիշխանը դարձաւ արամէացիներու բնակավայրերուն մինչեւ առաջին համաշխարհային պատերազմը:

400 տարուան օսմանեան տիրապետութեան ընթացքին, քիւրտերը զօրացան եւ ամրապնդեցին իրենց ազդեցութիւնը Միջագետքի մէջ: Գիւղերու արամէական բնակչութիւնը ամենաշատն էր որ տառապեցաւ քիւրտերուն պատճառով: Ի տարբերութիւն Պալքանի քրիստոնեաներուն եւ հայերուն՝ Եւրոպայի գեր տէրութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի արամէացիներով հետաքրքրուած չէին: 19-րդ դարուն, միայն բողոքական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու շրջանակները բացայայտեցին քայքայուած արեւելեան եկեղեցիները եւ ջանացին ներգրաւել անոնց ընտանիքները:

Արամէացիները օսմանեան կայսրութեան մէջ տնտեսական որոշակի ուժ մը չունէին՝ ի տարբերութիւն քրիստոնեայ միւս ժողովուրդներուն՝ յոյներուն եւ հայերուն: Առաւել, արամէացիները ազգային-պետական ձգտումներ չունէին: Մինչ 19-րդ դարու սկզբնաւորութեան ազգային ազատագրական շարժումները կը խմորուէին օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայ հպատակներուն շրջանակներուն մէջ՝ պայքարելով օսմանեան լուծին դէմ, արամէացիներուն կեանքը գրեթէ չէր ազդուած ի տես այս անցուդարձերուն:

Օսմանեան կայսրութեան հարաւարեւելեան հատուածները բնակեցնող արամէացիները չէին ազդուած օսմանեան կայսրութեան կեանքի վերջին հանգրուանի քաղաքական անցուդարձերէն: Իրենց բնակավայրերը կը գտնուէին այնտեղ, ուր գերմանացիներուն կառուցած Պաղտատի երկաթուղիին վերջին մասը կ՛երկարէր: Վերի Միջագետքը ոչ միայն կը շահագրգռէր գերմանացիները, այլ նաեւ՝ Անգլիոյ միջինարեւելեան նկրտումները: Տարածաշրջանի քարիւղային հանքավայրերու առաջին նախանշանները կը շահագրգռէին եւրոպական գեր տէրութիւններուն տնտեսական ախորժակները:

Թրքական պետութիւնը շահագործեց առաջին համաշխարհային պատերազմը՝ որպէս ոսկիէ առիթ, Գերմանիոյ աջակցութեամբ իրականացնելու համար իր ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը: Միաժամանակ թրքական պետութիւնը կարողացաւ ի կատար ածել մեծագոյն ոճիրը իր կայսրութեան ներքոյ: Բնաջնջման քաղաքականութիւնը, որ թափ առաւ 1915-ի սկիզբը, գլխաւորապէս ուղղուած էր հայերուն դէմ, որոնք մեղադրուած էին դաւաճանութեամբ եւ թշնամիին հետ գործակցելու յանցանքով: Պատրուակ մը իսկ չկար՝ արեւելեան նահանգներէն արամէացի բնակչութիւնը տեղահան ընելու եւ զայն խորտակելու: Անոնք պարզապէս տեղահանուեցան եւ ջարդուեցան ճիշդ հայերուն պէս:

Արամէացիներու եւ ասորիներուն դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը երկար ատեն բաւական անծանօթ ոճիր մնաց: Միայն վերջերս էր որ արամէացիները սկսան հայերուն պէս գործել իրենց նախնիներուն դէմ կատարուած ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր: Անոնց ջանքերը յաջողութեամբ պսակուեցան Պունտեսթակին 2 Յունիս 2016-ի որոշումով: Սոյն որոշումը ընդունեց, թէ հայերուն կողքին արամէացիները, ասորիները եւ քաղկեդոնականները օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանութեան զոհ գացին:

Արամէացիներուն կացութիւնը Թուրքիոյ մէջ

Թուրքիոյ հիմնադրութեան ժամանակ՝ 1923-ին, այնտեղ շատ քիչ արամէացիներ մնացած էին: Լոզանի 1923-ի համաձայնագիրին համաձայն՝ հայերը, յոյները եւ հրեաները որոշ իրաւունքներ ստացան, սակայն մեծամասնութեամբ սիրիանի ուղղափառ արամէացիները նկատի չէին առնուած: Այն հազուագիւտ արամէացիները, որոնք վերապրեցան ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ հարաւարեւելքը մեկուսացած կեանք կ՛ապրէին: Անոնք աշխարհէն մոռցուած համայնք մըն էին եւ իրենց փրկութիւնը կախեալ էր թուրք պետութեան եւ դրացի քիւրտերուն բարեսիրութենէն:

Շատ մը արամէացիներ Սուրիա տեղափոխուեցան, Ֆրանսայի կարգադրութեամբ, եւ կամ Լիբանան անցան 1922-1924թթ.: Սիրիանի ուղղափառներու պատրիարքը, որու նստավայրը Մարտինի մօտ գտնուող Տէր-ազզաաֆարան աւանին վանքն էր, 1924-ին Սուրիա անցաւ: Թուրքիոյ արամէացի մնացեալ բնակչութիւնը, որ խտացած էր Մարտինի եւ Միտեաթի շրջաններուն մէջ, դիմացաւ մինչեւ 1980 թուական՝ հակառակ բազում սեղմումներու: Ապա թուրք պետութեան եւ քրտական ազգային ազատագրական շարժման միջեւ զինեալ պայքարը առաջնորդեց արամէացիներուն դէմ յարձակումներուն յաւելման: Արամէացիներէն շատեր Թուրքիոյ հարաւարեւելքէն Եւրոպա գաղթեցին: Ներկայիս միմիայն 3000 արամէացի բնակիչ կայ այնտեղ: Վանքերն ու եկեղեցիները տակաւին առկայ են հոն եւ կը ներկայացնեն մշակութային կարեւոր ժառանգութիւն թէ՛ արամէացիներուն եւ թէ՛ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին համար:

Արամէացիները Միջին Արեւելքի տագնապին ընթացքին

1915-ի ցեղասպանութենէն ետք եւ առաջին համաշխարհային պատերազմին յաջորդող հանգրուանի Միջին Արեւելքի բաժանումէն ետք, Սուրիոյ արամէացիներուն մեծասմասնութիւնը Սուրիոյ մէջ ֆրանսական վերահսկողութեան, իսկ Իրաքի մէջ Բրիտանիոյ վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր: Երբ Սուրիան ու Իրաք անկախացան, որոշակի ազդեցութիւն չկրեցին քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները: Անոնք՝ որպէս փոքրամասնութիւններ, աննշան կեանք կ՛ապրէին՝ հաւատարիմ մնալով իշխող ուժերուն: Ի տարբերութիւն Անքարայի վարած քաղաքականութեան՝ արաբ ազգայնական վարչակարգերը կը հանդուրժէին քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն կրօնամշակութային անկախութեան: Արաբներուն վերաբերմունքը արամէացիներուն նկատմամբ պատմականօրէն գրեթէ անփոփոխ եղած է: Արամէացիները 7-րդ դարէն սկսեալ արաբ-իսլամական տիրապետութեան հպատակած են եւ արաբներուն հետ դրացիաբար գոյակցած են ամենայն խաղաղութեամբ: Անոնց յարաբերութիւնը օսմանեան իշխանութեան եւ քիւրտերուն հետ, որոնց կը կողմնակցէր օսմանեան պետութիւնը, խնդրայարոյց եղած է արամէացիներուն աշխարհամասին մէջ:

Իրաքի դէմ պատերազմը՝ 2003-ին մղուած ամերիկացիներու գլխաւորութեամբ դաշինքէն, տարածաշրջանէն ներս յառաջացուց իրավիճակի կտրուկ փոփոխութիւն: Եւ մինչ Իրաքի տակնուվրայութիւնը թափ կ՛առնէր, քաղաքացիական պատերազմ մը բռնկեցաւ հարեւան Սուրիոյ մէջ 2011 թուականին: Ասատի վարչակարգի ընդդիմադիր ուժերը կը բաղկանան այլազան մոլեռանդ իսլամական խմբաւորումներէ:

Նկատի ունենալով, որ անոնք Ասատի վարչակարգէն կրօնական եւ մշակութային բնոյթ կրող յատուկ սեղմումներու չէին ենթարկուեր՝ արամէացիներուն համար պատերազմին բռնկումը գոյութենական սպառնալիք կը հանդիսանար: Եւրոպական հանրութիւնը իրազեկ չէ Սուրիոյ եւ Իրաքի պատերազմներուն առթած ճակատագրական հետեւանքներուն մասին, ինչ կը վերաբերի արաբներուն եւ փոքրամասնութիւն քրիստոնեաներուն: Յատկապէս նկատառելի է, թէ ի՛նչպէս հանրութիւնը անտարբեր մնաց իսլամականներու կողմէ 2013-ին առեւանգուած երկու առարքեպիսկոպոսներուն ճակատագիրին նկատմամբ: Սիրիանի ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Մոր Կրեկորիոս Եոաննա Իպրահիմ եւ Հալէպի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Պուլոս Եազիճի, որոնք երկուքն ալ յանձնառու եղած են պետութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ կնճիռին խաղաղ լուծման, հաւանաբար ողջ չեն այլեւս:

Իսլամական Պետութեան ասպատակումէն ետք, արամէացիներուն ողբերգութիւնը նոր մակարդակի հասաւ: Իսլամական Պետութեան կողմէ բռնագրաւուած Մոսուլի եւ յարակից շրջաններու քրիստոնեայ բնակիչները անցան քրտական ինքնավար մարզ, ուր դաժան կենսապայմաններու մէջ պէտք է ապրին: Կանխատեսելի չէ, թէ ե՛րբ Սուրիոյ եւ Իրաքի ժողովուրդներուն տառապանքները վերջ պիտի գտնեն: Թէ՛ միջազգային ընտանիքը եւ թէ՛ աշխարհի հանրութիւնը կարծես անձնատուր եղած են ի տես Միջին Արեւելքի անվերջ արիւնահոսութեան:

Արտագաղթ եւ սփիւռք

Սուրիոյ եւ Իրաքի արաբ եւ այլ ազգային-կրօնական փոքրամասնութիւններու համար դէպի Եւրոպա ճամբորդելը միակ ելքն է յուսաբեկ կացութենէն: Գերմանիոյ մէջ մօտաւորապէս 100,000 արամէացի կայ, իսկ ամբողջ Եւրոպայի տարածքին մօտ 300,000 արամէացի կայ: Այս թիւերը վստահաբար պիտի բազմանան յառաջիկայ տարիներուն. այնքան ատեն որ խաղաղ ու ապահով կեանք չկայ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, յաւելեալ մարդիկ պիտի լքեն իրենց հայրենիքը:

Մնացողներուն ապագան անորոշ է: Առանց դուրսի օգնութեան՝ յոյս չունին գոյատեւելու հոն: Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ արամէացիներու վերջին բեկորներուն վախճանը պատմական համեմատութիւններով ողբերգութիւն մը պիտի ըլլայ:

Սփիւռքի արամէացիներուն համար կարեւոր է ինքնութիւնը,մշակոյթը եւ լեզուն պահել երկար ժամանակի վրայ: Ազգ մը, որ պետութիւն չունի, կախեալ է իր կառոյցներէն, որոնք այնքան ուժեղ պէտք է ըլլան, որ համայնքին ապագան ապահովեն սփիւռքեան պայմաններու մէջ: Յատկապէս յոյժ կարեւոր են եկեղեցական կառոյցները, որոնք յատուկ պատասխանատուութիւն կը կրեն: Պատմութեան ընթացքին եկեղեցին, ի բացակայութեան պետականութեան, պետութեան դեր խաղցած է՝ ինքնութիւն պահելու մէջ մեծ գործ տանելով:

Ի տես Միջին Արեւելքի մէջ արամէացիներուն ներկայ իրավիճակին՝ խիստ անհրաժեշտ է օգնել այս ժողովուրդին: Արամէացիները հսկայ նպաստ բերած են քաղաքակրթութեան, մասնաւորապէս Քրիստոնէութեան: 3000 տարուան ընթացքին անոնք մշակութային հարուստ ժառանգութիւն ստեղծած են Ասորիքի եւ Միջագետքի մէջ: Մարդկութեան պատասխանատուութիւնն է՝ յանուն այս ժողովուրդին գոյատեւման եւ անոր մշակութային ժառանգութեան պահպանման ձեռք երկարել:

Հիմնադիրը՝ Ալպէր Սեւինչ, բաւական մտահոգ եւ անհանգիստ է արամէացիներու իրավիճակով: Անոր նախահայրերը Տիարպեքիրի մօտ գտնուող Քաապիէ գիւղը կը բնակէին նախապէս եւ կը կոչուէին «հատոտօ», այսինքն՝ դարբին (արամերէնով): 400 տարի առաջ անոնք փոխադրուեցան Միտիաթ, որ Սուրիոյ սահմանին վրայ, արամէական օրրանին մէջ կը գտնուի: Հիմնադիրը յատուկ պատասխանատուութիւն կը զգայ Միջին Արեւելքի արամէացիներուն հանդէպ՝ իր ընտանեկան արմատներուն եւ պատմութեան համար: Եւ հիմնադրամին գործունէութեան մէջ մասնաւորապէս պիտի կարեւորուի օժանդակութիւնը արամէացիներուն, որովհետեւ աշխարհը զանոնք բոլորովին անտեսած է:

Սահեցնել դէպի Ցուցակ