Հայերը

Շատ հայեր հաւանաբար երկու կարեւոր բան կը նշեն իրենց ինքնութեան եւ ինքնարտայայտման մասին. հայերը առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդն են եւ անոնք Թուրքիոյ ուրացած ցեղասպանութեան զոհերն են: Եւրոպական դիտանկիւնէ՝ հայերը յաջող գործարարներ կը համարուին: Քրիստոնէութիւնը եւ ցեղասպանութեան փորձառութիւնը ձեւակերպած են հայերուն ինքնութիւնը: Խորքին մէջ, 4000 տարիէն աւելի պատմութիւն ունեցող, հարուստ մշակոյթով ժողովուրդի մը պատկերը խեղաթիւրուած է:

Ժամանակակից Թուրքիոյ արեւելքը, որ նաեւ հայկական բարձրաւանդակ կը կոչուի, հայերուն բնօրրանը կը նկատուի: Հիթիթներուն աւանդութեան համաձայն՝ Ք.Ա 15-րդ դարաշրջանին «Հայասա» անունով երկրի մը դէմ պատերազմ յիշատակուած է: Այս անունը կը յիշեցնէ հայերուն անուանումը իրենց հայրենիքին՝ Հայաստան: Հայերը իրենք զիրենք կը ճանչնան որպէս Հայկ նահապետի շառաւիղներ: Հայկը, ըստ աւանդութեան, իր ժողովուրդը առաջնորդած է դէպի Արարատի երկիր: Այս պատճառով իսկ իրենք զիրենք «հայ» կը կոչեն իրենց նախահօր անունով: Հայաստանի եւ հայութեան պատմութեան կարեւոր հատուածներէն է Ուրարտական Կայսրութիւնը, որ կը գտնուէր Վանայ լիճի շրջակայքը՝ արդի Թուրքիոյ ծայրագոյն արեւելքը:

Առաջին անգամ «Արմինիա» եզրոյթը Ք.Ա 521 թուականին յիշատակուած է պարսկական արձանագրութեան մը մէջ: Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը հայկական լեռնաշխարհը տարածաշրջանային գեր ուժերուն կռուախնձորը դարձուցած է դարերով:

Հայոց պատմութեան մէջ Քրիստոնէութեան որդեգրումը յատկանշական դարձակէտ է: Հայոց Տրդատ Գ. Թագաւորը Քրիստոնէութիւնը ընդունեց, այդպիսով Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնի վերածուեցաւ 301 թուականին: 506 թուականէն ի վեր հայոց առաքելական եկեղեցին անկախ եկեղեցի է: Հայոց մշակոյթի եւ լեզուի զարգացման մէջ նոյնպէս Նշանակալից եղելութիւն է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի ջանքերուն արգասիք գիրերու գիւտը 406 թուականին:

Հայերը թրքական տիրապետութեան տակ

Անի քաղաքին 1064 թուականի գրաւումէն ետք եւ բիւզանդացիներուն դէմ 1071-ին Մանազկերտի ճակատամարտին յաղթանակ տանելէ ետք սելճուք թուրքերը ամբողջ Հայաստանն ու Անատոլիան իշխեցին: Առ այդ, մեծ թիւով հայեր հեռացան հայկական բարձրաւանդակը 11-րդ եւ 13-րդ դարերուն միջեւ: Անոնցմէ մաս մը հարաւ ուղղուեցաւ եւ Կիլիկիա հաստատուեցաւ: Այնտեղ ստեղծեցին հայկական փոքր թագաւորութիւն մը, որ պատմութեան մէջ կը յիշատակուի որպէս «Փոքր Հայաստան»՝ 1080-էն 1375 տեւելով:

Երբ Կիլիկիոյ մայրաքաղաքը գրաւուեցաւ՝ 1375 թուականին, մէմլուքներուն կողմէ, որոնք Էգիպտոսէն կը յառաջանային, հայերը իրենց անկախ պետականութեան կարգավիճակը կորսնցուցին: 1512 թուականին Սելիմ Ա. Սուլթանը հայկական լեռնաշխարհի արեւելեան մասը ձեռք ձգեց: Կարճ ժամանակ ետք ան մէմլուքներուն՝ հայկական Կիլիկիոյ գերիշխանութեան վերջ դրաւ: Հայերուն մեծ մասը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կ՛ապրէր:

Հայ առաքելականները կը ղեկավարուէին Պոլսոյ հայոց պատրիարքէն, որ պաշտօնապէս ճանչցուած էր օսմանեաններէն: Դարաւոր տիրապետութեան ընթացքին եկեղեցին միակ հաստատութիւնը մնաց, որ կրցաւ ազգային համերաշխութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն պահել: Հայ եկեղեցիին կեդրոնատեղին մայրաքաղաք Երեւանի մօտակայ Էջմիածին է:

Ինչպէս բոլոր քրիստոնեայ հպատակները, հայերը որոշ սեղմումներու ենթակայ էին. չէին կրնար զէնք շալկել կամ ունենալ, իրենց պարտադրուած էին յատուկ տուրքեր, որոնցմէ զերծ էին մուսուլմանները: Հայերը զինուորական ծառայութեան չէին կանչուեր, իրենց վկայութիւնները դատարանի մէջ նկատի չէին առնուեր կամ մուսուլմանին վկայութեան հաւասար չէին նկատուեր: Այս ամէնէն զատ՝ հայերը արեւելեան նահանգներուն մէջ տեւաբար թափառաշրջիկ ցեղերուն կամայականութիւններուն կ՛ենթարկուէին:

Հայերը կարեւոր դեր խաղցած են Օսմանեան Կայսրութեան տնտեսութեան մէջ: Թէ՛ գիւղատնտեսութիւնը, թէ՛ առեւտուրը եւ թէ արհեստը արեւելեան գաւառներու գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ հայերուն ձեռքն էին: Յատկանշական էր դերը հայ ճարտարապետներուն, որոնց կը պատկանին բազմաթիւ նշանաւոր շինութիւններ մայրաքաղաք Պոլիսի թէ ուրիշ քաղաքներու մէջ:

1828-1829 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմէն ետք, որ վերջ գտաւ Ադրիանապոլիսի (Էտիրնէ այժմ) դաշնագիրով, Հայաստանը Ռուսիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ բաժնուած էր: 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատեարզմէն ետք նորանոր հայկական տարածքներ անցան ռուսական տիրապետութեան: Հայերը Ռուսիան կը սեպէին զիրենք ազատագրողը իսլամական լուծէն: Տնտեսապէս, քաղաքականապէս եւ մշակութապէս հայերը ոստում ապրեցան ռուսական տիրապետութեան տակ:

1878-ի Պերլինի վեհաժողովին, հայկական հարցը առաջին անգամ ըլլալով արծարծուեցաւ միջազգային քաղաքականութեան հարթակի վրայ: Օսմանեան կայսրութեան խոստացած բարեփոխումները երբեք չիրականացան: Ապտուլ Համիտ Բ. Սուլթանը, որ 1876-ին գահ բարձրացաւ, արիւնալի քաղաքականութիւն վարեց ընդդէմ հայերուն: 1894-1896 տարիներու կոտորածներուն մօտաւորապէս 300,000 հայ զոհ գնաց, եւ բազմաթիւ հայեր բռնի իսլամացան: Հայկական բարձրաւանդակի, Անատոլիայի եւ Կիլիկիոյ հայութիւնը այդպիսով զգալիօրէն նօսրացաւ:

Ցեղասպանութիւնը

Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ 1.5 միլիոն հայ սպանող ցեղասպանութիւնը խորունկ ճեղք կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան մէջ: Հայերուն ինքնութիւնը եւ կեանքերը բնութագրուած են այս ոճիրին փորձառութեամբ եւ հետեւանքներով: Հայերուն համար ցեղասպանութիւնը նաեւ կը նշանակէ հայրենիքէն մեծ շերտի մը կորուստը եւ իրենց մշակութային ժառանգութեան կործանումը:

Ապտուլ Համիտ Գ. Սուլթանի բնաջնջման քաղաքականութիւնը, որ ընթացք առած էր 1894-1896 թուականներուն, շարունակուեցաւ իր գահընկէցութենէն ետք. այս անգամ երիտթուրքերու ազգայնական շարժման ճամբով: Վերջիններս 1908-ին յեղաշրջմամբ գահ բարձրացան, ձեւացուցին օսմանեան կայսրութեան բոլոր ժողովուրդներու հաւասար իրաւունքներու ջատագով ըլլալ, սակայն խորքին մէջ, իշխանութիւնը ստանձնելէ կարճ ժամանակ անց, ձեռնարկեցին թրքական-իսլամական ազգաբնակչութեան գերակշռութիւնը ամրացնելու քաղաքականութեան:

Համաշխարհային առաջին պատերազմին բռնկումով, Գերմանիոյ եւ Աւստրիա-Հունգարիոյ կողքին պատերազմ մտնելով՝ թրքական պետութիւնը սկսաւ գործադրել բազմացեղ կայսրութեան թրքացման իր ծրագիրը: Հայերուն տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը տեղի ունեցան քանի մը փուլով. Հայ մտաւորականներու եւ քաղաքական դէմքերու ձերբակալութիւնը մայրաքաղաքին մէջ 24 Ապրիլ 1915-ին ընդհանրապէս կը նկատուի որպէս ցեղասպանութեան սկիզբը: 1915-ի աւարտին, Օսմանեան Կայսրութեան հայերը մեծաւ մասամբ կա՛մ սպանուած էին եւ կամ տեղահանուած էին դէպի այժմեայ հիւսիսային Սուրիոյ անապատները: 1916-ի եւ 1918-ի միջեւ մնացեալ հայերը կա՛մ իսլամացած էին, կամ անյայտացած էին սովի եւ համաճարակի ճամբարներուն մէջ: 1918-ին՝ Թուրքիոյ կատարած հարաւային Կովկասի արշաւանքի ժամանակ, թրքական բնաջնջման քաղաքականութեան հայ զոհերն ալ այնտեղ կ՛ապրէին:

Հայաստանը եւ հայութիւնը ցեղասպանութենէն ետք

1917-ի հոկտեմբերեան յեղափոխութեամբ ցարական կայսրութեան փլուզումէն ետք, երեք անկախ հանրապետութիւններ դուրս եկան Հարաւային Կովկասի մէջ՝ Վրաստան(26 Մայիս 1918), Հայաստան (28 Մայիս 1918) եւ Ազրպէյճան (28 Մայիս 1918): Սակայն սոյն երեք հանրապետութիւնները կարճ կեանք ունեցան: 1920-ի վերջաւորութեան, բոլշեւիկները իշխանութիւն դարձան Երեւանի մէջ: Փոքր սովետ բանակները կարողացան շտկել տնտեսական եւ մշակութային ծանր կացութիւնը, զոր պատճառած էր եղեռնը: Այսուհանդերձ, ցեղասպանութեան դէպ խօսիլը քաղաքանապէս անբաղձալի էր: Այդպէս էր մինչեւ 1965, երբ կարելի դարձաւ հրապարակաւ ցեղասպանութիւնը ոգեկոչել եւ ի յիշատակ նահատակներուն յուշակոթող կանգնեցնել:

Սփիւռքի հայերուն եւ Խորհրդային Հայաստանի հայերուն ընթացքները իրարմէ բաւական տարբեր էին: Սփիւռքի համայնքներու զարգացումը կը տարբերէր իւրաքանչիւր երկրի համեմատ, ուր վերապրողները նոր կեանք ստեղծեցին: Աւանդական հզօր համայնքներ կային Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրանի մէջ: Միջին Արեւելքի յեղափոխութիւնները դէպի արեւմտեան երկիրներ աստիճանական արտագաղթի մղեցին, յատկապէս 1980-էն ասդին: Ամենահզօր սփիւռքեան համայնքները ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի մէջ են: Գերմանիոյ մէջ գնահատեալ 50-60,000 հայ կ՛ապրի առայժմ: Ասոնցմէ որոշակի մէկ մասը Հայաստանի Հանրապետութենէն ժամանած է:

Սփիւռքի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցին յատուկ պաշտօն ունի որպէս աշխարհասփիւռ հայերը համախմբող մարմին: Կուսակցութիւններն ալ դերակատար են սփիւռքի մէջ: 1970-էն ասդին անոնք ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար աշխոյժ գործունէութիւն կը վարեն: Միաժամանակ թէ՛ եւրոպական խորհրդարանը եւ թէ շարք մը ազգային խորհրդարաններ, Պունտեսթակը ներառեալ, ճանչցած են ցեղասպանութեան ոճիրը: Նոյնիսկ Եւրոպայէն դուրս երկիրներ արդէն ճանչցած են ցեղասպանութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը

Խորհրդային Միութեան փլուզման գործընթացին առընթեր արիւնալի բախումներ տեղի ունեցան զանազան ազութիւններու միջեւ, ինչպէս՝ 1988-ի Ղարաբաղի ինքնավար մարզի կռիւը: Նոյն տարին խոշոր երկրաշարժ մը ցնցեց Գիւմրին եւ Հայաստանի հիւսիսը, ընդ որում 20,000 մարդ մահացաւ:

21 Սեպտեմբեր 1991-ին, Երեւանի խորհրդարանը յայտարարեց երկրի անկախութիւնը Խորհրդային Միութենէն: Արցախի պատերազմը, Դեկտեմբեր 1988-ի աղիտալի երկրաշարժը եւ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի բանեցուցած շրջափակումը դժուարացուցին երկրի տնտեսական զարգացումը: Արտագաղթը, որով երկրի բնակչութիւնը կը նօսրանայ, լուրջ խնդիր է: 1986-ին, սովետի ժամանակ, 3.4 մարդ կը հաշուէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իսկ այժմ՝ 2014-ի տուեալներով՝ մօտ 3 միլիոն բնակիչ:

Անկախութենէն ետք, սփիւռքի հայերը Հայաստանի կենսապայմաններու բարելաւման եւ ենթակառուցային բարեկարգման նպաստեցին: Այսուամենայնիւ, տակաւին ընկճող աղքատութիւն կայ, մանաւանդ գիւղերը եւ Գիւմրիին պէս քաղաքներ: Շատ շատեր օժանդակութիւններու յոյժ կարիքը ունին եւ պիտի ունենան մօտակայ ապագային:

Ալպէր Սեւինչ հիմնադրամը եւ Հայաստանը

Ալպէր Սեւինչ հիմնադրամը Հայաստանի մէջ մարդասիրական աշխատանք պիտի տանի ի նպաստ ամենաշատ օգնութեան կարիք ունեցողներուն: Գործունէութեան մէջ Գիւմրի քաղաքին վրայ յատուկ կեդրոնացում պիտի ըլլայ: Գիւմրին ահաւոր հարուած ստացաւ 1988-ի երկրաշարժի ատեն. տակաւին շատեր ժամանակաւոր տնակներու մէջ կը բնակին 1988-էն ի վեր: Աղքատութիւնը առաւելաբար տարեցներուն կ՛ազդէ: Հիմնադրամը կը կառուցէ տուն մը, որ բնակութեան կողքին խնամք կ՛ապահովէ:

Հիմնադիր Ալպէր Սեւինչը՝ մօրենական կողմէ հայ, յաճախ Հայաստան գտնուած է երկրի անկախութենէն ի վեր, եւ իրեն համար երկրորդ տուն է Հայաստանը: Հայաստանի ծանր կենսապայմաններուն ան ծանօթ է եւ ան անցեալին օգնած է կարիքաւոր ընտանիքներու: Հիմնադրամը պիտի շարունակէ նոյն թափով աշխատիլ եւ ձգտիլ Հայաստանի մէջ կարիքաւորներու կենսապայմաններու երկարատեւ բարեկարգման: Անիկա պատրաստ է գործակցելու այն անձանց եւ հաստատութիւններուն հետ, որոնք նոյնպէս աշխոյժ են այս ծիրէն ներս:

Սահեցնել դէպի Ցուցակ