Գամիշլիի եւ Հասաքէի մէջ մանկապարտէզներու օժանդակութիւն

Պատերազմէն ամենաշատ տուժողները երեխաներն են: Ոչ միայն անոնց մանկութիւնը կը կործանուի, այլ նաեւ՝ անոնց ապագան, որովհետեւ պատերազմի տրաւմայական փորձառութիւննրը յաճախ մնայուն հետք կը թողեն: Կոզարթօ բնակող երեխաները կը մեծնան դժուար կենսապայմաններու մէջ, քանի որ պատերազմը վնասեց վարժարաններուն եւ մանկապարտէզներուն նման կառոյցներ ալ: Չվնասուած կամ կանգուն կառոյցները լաւ սարքաւորուած չեն: Նիւթական անկարողութիւնը կ՛արգիլէ խաղալիքներու պէս պարզ գոյքերու ձեռքբերումը: Հիմնադրամս պիտի օժանդակէ Կոզարթոյի մէջ գտնուող 3 մանկապարտէզներու՝ 2 Գամիշլիի մէջ եւ 1 Հասաքէի մէջ: Անոնք պիտի սարքաւորուին խաղալիքներով եւ այլ անհրաժեշտ պիտոյքներով: Երեխաները պէտք է, որ կարենան խաղալ եւ զուարճանալ մանկապարտէզի ժամերուն:

All projects
Սահեցնել դէպի Ցուցակ