Գիւմրիի մէջ «Որդիք Կիւլպէնկեան» ծերանոցի կառուցումը

Դեկտեմբեր 1988-ի ահաւոր երկրաշարժէն ետք Հայաստանի հիւսիսային քաղաք Գիւմրիի կեանքը ամբողջովին փոխուեցաւ: Երկրի երկրորդ ամենամեծ քաղաքի բնակչութիւնը գրեթէ կէսով նօսրացաւ (200,000-էն մօտ 100,000-ի իջաւ): Սա կորուստէն անդին, գիւմրեցիներէն շատեր արտագաղթեցին, քանի որ երկրաշարժը լուրջ ազդեցութիւն ունեցաւ տնտեսութեան վրայ: Քաղաքին վիճակը բարելաւելու բոլոր ջանքերը ի դերեւ մնացին: Հետեւաբար, արու երիտասարդ բնակիչները գացին Ռուսաստան կամ Արեւմտեան Եւրոպա գործ փնտռելու համար:

Տարիքոտները անոնցմէ էին, որոնք ուզէին թէ չուզէին, պիտի մնային Գիւմրի: Անոնց կենսապայմանները բաւական դժուարին են, մանաւանդ անոնց համար, որոնք հարազատ չունին, որ անոնց հոգ տանի: Պետութեան ջանքերը բաւարար չեն այս ծերունիներուն արժանավայել կեանք ապահովելու համար: Անոնցմէ շատեր տակաւին այն երկաթեայ տնակներուն մէջ կը բնակին, որոնք կառուցուած էին երկրաշարջէն ետք: Անոնք պատշաճ յարկաբաժինի կամ ծերանոցի մէջ տեղի հեռանկար չունին:

Գիւմրիի տարեցներուն աղետալի կենսապայմանները յուզած են հիմնադիրս, որ յաճախ Գիւմրի կ՛այցելէ: Հետեւաբար, հիմնադիրը որոշեց Գիւմրիի տարեցներուն ծերանոց մը բանալ՝ որպէս կեդրոնական օժանդակային նախագիծ Հայաստանի մէջ, որպէսզի այս տարեցները իրենց կեանքի վերջալոյսը տմարդի պայմաններու մէջ չապրին: Առաջին ծերանոցը պիտի կառուցուի Գիւմրիի մէջ, որմէ ետք ուրիշ շրջաններու մէջ ալ նախատեսուած է, որ ծերերու տուներ կառուցուին:

Այս նոր կառոյցը պիտի կոչուի հիմնադիրին մեծհօր անունով՝ «Որդիք Կիւլպէնկեան քաղաքացիներու ծերանոց»: Երբ իր մեծհայրը մահացաւ, հիմնադիրը երկու տարեկան էր: Յետագային ան իր ընտանիքի անդամներու պատմութիւններէն իմացաւ, թէ Որդիք Կիւլպէնկեանը արժանաւոր, յարգուած, եւ բարի մարդ էր:

Այսպիսով նման մարդիկ պիտի չմոռցուին իրենց մահէն ետք. կարեւոր է իրենց յիշելը: Գիւմրիի ծերանոցը իր անունով կոչուելով՝ Որդիք Կիւլպէնկեանի յիշատակը կը պատւըուի որպէս օրինակելի մարդ արարած:

All projects
Սահեցնել դէպի Ցուցակ