Եզիտի որբերը

Սինճար՝ եզիտիաբնակ քաղաք մը Իրաքի հիւսիս-արեւմուտքը, 2014-ի Օգոստոսին Տահեշէն յարձակումի ենթարկուեցաւ: Տահեշ, կամ Իսլամկան Պետութիւնը, սպաննեց բազում եզիտիներ, կիներ ու աղջիկներ առեւանգեց: Կարգ մը եզիտիներ դէպի քրտական ինքնավար շրջան խոյս տուին, մինչ ուրիշներ Սինճարի լեռները ապաստանեցան: Տակաւին վերջերս քաղաքը ազատեցաւ Տահեշի լուծէն:

Մօտ 2800 երեխաներ, որոնք ապահով վայր անցան, տակաւին գաղթականներու ճամբարներու մէջ կ՛ապրին քրտական ինքնավար մարզին մէջ: Քանի միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնները եւ քրտական հաստատութիւնները ծանրաբեռնուած են այնտեղի հարիւրհազարաւոր գաղթականներով, եզիտի որբուկները դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին:

Եզիտի ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն մը օժանդակութեան նախագիծի մը ձեռնարկեց Մարտ 2016-ին, ինչ որ Իրաքէն եւ Գերմանիոյ քրիստոնեայ-եզիտի ընտանիքէն անհատական նուիրատուութիւններով կը խրախուսուի: Տոհուք աւանի մօտակայքի Շէյխան գիւղին մէջ առաջին որբանոցը կառուցուած է: Հոն 21 երեխաներ կը խնամուին: Երկրորդ տուն մը կառուցման վրայ է եւ մօտ 20 երեխայ պիտի ընդունի:

Ալպէր Սեւինչ Հիմնադրամը, գործակցելով Գերմանիոյ եզիտիներու կեդրոնական խորհուրդին եւ քրիստոնեայ-եզիտի ընտանիքին, պիտի վարէ այս նախագիծը՝ այս երեխաներուն մանկական մթնոլորտ տրամադրելով, որպէսզի որբերը մեծնան, զարգանան եւ աւելի լաւ կեանքի հորիզոն ունենան:

Երեխաներուն աջակցելէ զատ՝ հիմնադրամը Տահեշէն ազատ արձակուած եզիտի կիներուն եւ աղջիկներուն օգնելու ձեւեր պիտի որոնէ: Այս կիները յոյժ պէտք ունին օգնութեան, քանի որ հոգեկան ցնցում ապրած են իրենց սարսափելի անցուցածներէն:

All projects
Սահեցնել դէպի Ցուցակ