Շրջուն բուժօգնութեան խումբեր տարեցներու համար Կոզարթոյի մէջ

Պատերազմը եւ պետական կառոյցներու թուլացումը պատճառ դարձան, որ կոզարթոցիները վերակազմակերպեն իրենց կեանքերը անձնական նախաձեռնութեամբ: Տարրական բժշկական խնամքը եւ կարիքաւոր անձանց հոգատարութիւնը յոյժ կարեւոր են: Պատերազմին պատճառած ընկերային եւ բժշկական ենթակառոյցին քայքայումը բաւական վնաս հասցուցած է մասնաւորապէս անոնց, որոնք կախեալ են օժանդակութիւններէ, յանձինս առանց հոգատար հարազատներու տարեցներուն: Հիմնադրամս կ՛օժանդակէ այս անձանց նախագիծով մը, զոր պիտի կիրարկուի Միջագետքի Տիկնանց Միութեան հետ գործակցաբար:

Հիմնադրամիս նիւթական կարողութիւններով չորս ինքնաշարժներ ձեռք պիտի բերուին. ասոնք կրնան օգտագործուիլ շրջուն հոգատարութեան եւ բուժօգնութեան համար՝ համապատասխան սարքերով եւ նիւթով: Երկու ինքնաշարժներ Գամիշլիի մէջ պիտի գործածուին, մէկը՝ Տերիքի մէջ եւ մէկալը՝ Հասաքէի մէջ: Ասոնց կ՛ընկերակցին երկու կիներ եւ չորս հիւանդապահներ, որոնք առօրեայ խնամքի կարօտող տարեց արամէացիներուն պիտի այցելեն: Այս օգնութիւնը կը ներառէ տնային գործեր, կերակուրի պատրաստութիւն, գնումներ կատարել եւ բժշկական հիմնական խնամք մատուցել: Հարկ է, որ ծերունիները տեսնեն, թէ անոնք մինակ չեն թողուած:

Այս նախագիծին մէջ խումբերը կը բաժնուին կիներէ, որոնց ամուսինները կռիւի ժամանակ ինկած են, եւ կամ որոնք այլեւայլ պատճառներով ծանր պայմաններու մէջ կը գտնուին եւ ըստ այնմ մնայուն եկամուտէ կախեալ են: Այս կիներուն պաշտօնի կանչելը այս նախագիծին մէջ նաեւ անոնց կը զգացնէ, թէ անոնք պիտանի են եւ նպաստ կը բերեն Կոզարթոյի մէջ արամէական կեանքի վերակառուցման:

All projects
Սահեցնել դէպի Ցուցակ