Ռեկենպոկենլանտի Երեխաներու հիւանդանոց. Մանկութիւն եւ մահ

Ծնողքի մը համար ամենացաւալի բաներէն է տեսնել իրենց զաւկին անբուժելի հիւանդութիւնը: Ծնողական հաճոյքը կրնայ ստուերանալ զաւկին տառապանքէն եւ այն ստուգութենէն, թէ ան շատ երկար պիտի չապրի կեանք կարճեցնող հիւանդութեան բերումով: Անբուժելի հիւանդութիւններէ տառապող այս երեխաներուն ու երիտասարդներուն կարճատեւ նախատեսուած կեանքը չնսեմացնելը անփախուստ մահի մասին մտածումներով եւ ուրախ պահերով ու փորձառութեամբ զանոնք մխիթարելը՝ դժուար պարտականութիւններ են երեխաներու հիւանդանոցի աշխատակիցներուն համար:

Նուիրատուութեան քարոզարշաւները սովորաբար արտակարգ պարագաներու, աղէտներու, եղեռններու ատեն կ՛իրագործուին, որպէսզի օգնութիւն հասնի վնասուածներուն: Այսուհանդերձ, քիչեր առնչուած են երեխաներու հիւանդանոցներու եւ հոն կատարուած մեծարժէք աշխատանքին: Այս բուժարանները պատասխանատու են կարճ կեանք ունեցող, զգացական եւ ֆիզիքական ախտերէ տառապող երեխաներուն խնամք ապահովելու: Շատեր կը խորհին, թէ առողջապահութեան ապահովագրութեան ընկերութիւնները կը ծածկեն բոլոր ծախսերը, մինչդեռ այս բուժարաններուն ֆինանսաւորումը երբեմն սահմանափակուած է: Սակայն առողջապահական ապահովագրութեան ընկերութիւնները կը ծածկեն ծախսերուն միայն 95%-ը, իսկ մնացեալ 5%-ը պէտք է փակուի նուիրատուութիւններով ու կամաւոր աշխատանքով: Արդարեւ, կարիք կայ օգնելու այս հիւանդանոցները:

Ալպէր Սեւինչ Հիմնադրամը պիտի սատարէ Ռեկենպոկենլանտի երեխաներու հիւանդանոցի բացառիկ աշխատանքին, որ 2004-ին մեկնարկած է: Սա սատարումով 60 կամաւոր պաշտօնեաներուն յանձնառութիւնը ճանչցուած կ՛ըլլայ:

All projects
Սահեցնել դէպի Ցուցակ