Տիւսելտորֆի մէջ ուտեստեղէնի մառան. Տիւսելտորֆի մէջ ալ անօթի մարդիկ կան

Գերմանիոյ մէջ շատեր կը կարծեն, թէ քանի հարուստ երկրի մը մէջ կ՛ապրինք, ոչ ոք անօթի պէտք է ըլլայ: Դժբախտաբար, իրականութիւնը ճիշդ այդպէս չէ: Խորքին մէջ, նոյնիսկ Գերմանիոյ պէս բարգաւաճ երկրի մը մէջ, կան մարդիկ, որոնք կերակուրի դրամ չունին, կամ բաւարար եւ տեւական կերակուր գնելու կարողութիւն չունին: Միաժամանակ, օրինակ, ճաշարաններն ու նպարավաճառները օրական հսկայական քանակներով ուտեստեղէն կը թափեն: Ասիկա զանազան պատճառներով կը պատահի, թէպէտ թափուած ուտելիքը գործածելի է:

Ուտեստեղէնը կարիքաւոր քաղաքացիներու բաժնել կարենալու համար, փոխանակ զայն աղբ թափելու, ուտեստեղէնի մառաններ յառաջացած են այլեւայլ քաղաքներու մէջ: Այս գաղափարը վերածուած է մեծ շարժումի մը, որ 60,000 քաղաքացիներու կամաւոր աշխատանքով կը կատարուի: Մառանները օրինակ մըն են, թէ ի՛նչպէս քաղաքային ընկերութեան մէջ կարիքաւոր մարդոց կ՛օգնեն: Ասիկա շարժում մըն է, որ կը կազմակերպէ ուտեստեղէնի վերաբաշխումը, առանց որեւէ կողմի վնաս պատճառելու, քանի որ անիկա հիմնուած է քաղաքացիներու եւ ընկերութիւններու պատրաստակամութեան՝ ի խնդիր կամաւորաբար ուտեստեղէն նուիրելու. ուտեստեղէն, զորս անոնք չեն կրնար կամ չեն ուզեր գործածել:

Ալպէր Սեւինչ հիմնադրամը պիտի սատարէ ուտեստեղէնի այս մառաններուն իմաստալից աշխատանքին: Ասիկա նաեւ կը մեծարէ յանձնառութիւնը այն հազարաւոր յարգարժան կամաւորներուն, որոնք օրական նպաստ կը բերեն, որպէսզի ոչ ոք անօթի մնայ:

All projects
Սահեցնել դէպի Ցուցակ