Քրաս Տիւսելտորֆ. Զանազան կարիքներու ծառայող կառոյց

Կառավարական սատարում վայելող հաստատութիւններուն եւ պաշտօններուն կողքին՝ կան նաեւ բազմաթիւ միութիւններ, որոնք ընկերային եւ մշակութային հարցերով կը զբաղին Գերմանիոյ մէջ: Այս միութիւնները յաճախ կը յառաջանան ընկերային կեանքի մէջ յանձնառու անհատներու նախաձեռնութեամբ: Տիւսելտորֆի մէջ KRASS r.V-ը նման օրինակ մըն է: Այս միութիւնը 2009-ին հիմնուած է տեսողական արուեստագիտուհի Քլոտիա Սէյտէնսթիքըրի կողմէ: Այս միութեան գործունէութիւնը կը կեդրոնանայ արուեստի, երգի, պարի վրայ, ինչպէս նաեւ չքաւոր խաւերու մանուկներու եւ երիտասարդներու թատրոնի վրայ:

ՔՐԱՍՍ-ի մանկավարժական յղացքը փաստած է իր կարեւորութիւնը, փաստօրէն այժմ անիկա կը կիրարկուի ընկերային վստահագրութեան ճամբով գերմանական տարբեր քաղաքաներու մէջ եւ այլուր: Միութեան յաջողութիւնը կը հաստատէ, թէ ընկերային յանձնառութիւնը շատ բան կրնայ փոխել: Կրթական, ընկերային, մշակութային գործունէութեամբ միութիւնները, ինչպէս ՔՐԱՍՍ-ը, կը լրացնեն այն, ինչ որ պետութիւնը կը մատուցէ:

Ալպէր Սեւինչ հիմնադրամը պիտի սատարէ ՔՐԱՍՍ-ի գործունէութեան՝ ջանալով, որ կարիքաւոր խաւերու պատկանող մանուկներու եւ երիտասարդներու մշակութային կրթութիւնը կը բարկարգուի: Այս մանուկներն ու երիտասարդները առիթ պիտի ունենան բացայայտելու եւ դուրս հանելու իրենց ձիրքերը՝ արուեստի, երգի, պարի ու թատրոնի ճամբով: Այս մէկը ի վերջոյ ամբողջ ընկերութեան պիտի նպաստէ:

All projects
Սահեցնել դէպի Ցուցակ