Օժանդակութիւն ընտանեկան կազմութեան համար

Սուրիոյ մէջ տնտեսապէս կարեւոր վայրերը երկրին ծովեզերեայ եւ արեւմտեան մասերը կը գտնուին: Հեռաւոր Կոզարթոյի տնտեսական բարգաւաճումը տեղի ունեցաւ բամպակի աճեցման միջոցաւ 1950-ական թուականներուն, որուն կը յաջորդէ քարիւղի արտադրութիւնը: Երբ պատերազմը բռնկեցաւ, շատերու ապուստը միջոցը քանդուեցաւ, տնտեսութիւնը գրեթէ տեղքայլի մէջ մնաց: Նիւթական այս դժուարութեանց մէջ ամուսնանալու մտադրութիւնը պակսած է: Կոզարթոյի մէջ ընտանիքի ապրուստը հոգացողը սովորաբար էրիկ մարդն է: Բայց երբ գործի առիթ չկայ, երիտասարդ տղաք յաճախ չեն գիտեր, թէ ի՛նչպէս պսակի եւ ընտանիք պահելու ծախսերը պիտի հոգան:

Հիմնադրամս նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ այն երիտասարդներուն, որոնք մտադրած են ընտանիք կազմել: Հիմնադրամս տարեկան դրութեամբ 10 զոյգի ամուսնութեան ծախսերը պիտի հոգայ, եթէ ամուսնացողները պիտի մնան իրենց տուն-տեղը: Արամէացիներուն ապագան Կոզարթոյի մէջ վերջին հաշուով նաեւ երաշխաւորուած պիտի ըլլայ, եթէ ընտանիքները այնտեղ կազմուին:

Սահեցնել դէպի Ցուցակ