ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ

2016 թուականին կեանքի կոչուած Ալպէր Սեւինչ հիմնադրամը կը կրէ հիմնադիրին անունն ու մականունը։ Ծնած Մետեաթ՝ Թուրքիոյ հարաւ արեւելեան մասին մէջ, Ալպէր Սեւինչը հօրենական կողմէ արամայեցի է եւ մօրենական կողմէ՝ հայ։ Իր արամայեցիական բուն մականունը Հատոտօ է, որ երկրագործ կը նշանակէ ու կը մատնանշէ ընտանիքի աւանդական մասնագիտութիւնը։ Իր արամայեցիական եւ հայկական արմատներուն շնորհիւ Ալպէր Սեւինչ կը պատկանի քրիստոնեայ երկու հին ժողովուրդներու, որոնք հարիւրամեակներ շարունակ ճնշուեցան, հալածուեցան, աքսորուեցան եւ 1915-16 թուականներուն ցեղասպանուեցան։ Այս պատճառով ալ ինք գերզգայուն է անարդարութեան ու բրտութեան նկատմամբ։

1978-ին Ալպէր Սեւինչ Գերմանիա կը հաստատուի եւ Հակըն քաղաքի մէջ ճարտարապետութիւն կ’ուսանի։ Ուսում ստանալէն ետք իբրեւ ճարտարապետ կ’աշխատի եւ 2000 թուականին կը հիմնէ «Փլանէն ունտ Պաուըն ձեռնարկութիւնը» (Albert Sevinc Planen und Bauen GmbH), որ մեծ յաջողութեամբ բազմաթիւ ծրագիրներ կ՛իրագործէ։
Հիմնադրամը կեանքի կոչելէ առաջ, Ալպէր Սեւինչ արդէն իսկ տարիներէ ի վեր օգնած է արամայեցի եւ հայ անձերու եւ կազմակերպութիւններու։ Այսպիսով, հիմնադրամը Սեւինչի ընկերային ու մարդասիրական լայնածաւալ գործունէութեան բնական շարունակութիւնն է։

Հիմնադրամի գործունէութիւնը կ’առնչուի ոչ միայն Ալպէր Սեւինչի ընտանեկան արմատներուն հետ, որոնք իր ինքնութիւնը կը կոփեն, այլ նաեւ Գերմանիոյ հետ, ուր ինք ու իր ընտանիքը արդէն տարիներէ ի վեր է, որ կը բնակին։

Սահեցնել դէպի Ցուցակ