ՀԻՄՆԱԴՐԱՄՆ ՈՒ ԻՐ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ
Գերմանիոյ մէջ հետզհետէ աւելի նշանակալից կը դառնայ հանրօգուտ եւ բարեգործական նպատակներով կեանքի կոչուած հիմնադրամներու կազմութիւնը։ Նման կազմակերպութիւններ կարեւոր դերակատարներ են երկրի ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ։ Ասկէ զատ՝ անոնք արտայայտութիւնն են հիմնադիրներու ցանկութեան՝ իրենց հնարաւորութիւններով բարելաւել չքաւորներու կենսական պայմաններն ու վերջիններուս ընձեռնել արժանապատիւ կեանք ապրելու կարելիութիւնը։ Այսպիսով, հիմնադրամները կը մարմնաւորեն իրենց հիմնադիրներուն տոգորող տեսլականները։
Ալպէր Սեւինչ հիմնադրամի նպատակն է՝ ըստ իր կանոնադրութեան բարելաւել ընչազուրկ մարդկանց կենսապայմանները, օգնել ցեղային կամ կրօնական պատճառով հալածուած փոքրամասնութիւններուն եւ ստեղծել իրենց համար կրթական կարելիութիւններ։
Այս նպատակներուն հասնելու համար՝ հիմնադրամը գործունէութիւններ կը ծաւալէ թէ՛ Գերմանիոյ եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ։ Հիմնադրամի աշխատանքներու կիզակէտը արամայեցիներն են ու հայաստանցիները, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ վտանգուած ժողովուրդները, որոնց հետ Ալպէր Սեւինչը իր ընտանեկան արմատներու շնորհիւ բացառիկ սերտ կապ ունի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընչազրկութիւնը մեծ ծաւալ մը ստացած է։ Թէ ի՛նչպէս կարելի է մարդոց կեանքի պայմանները երկարատեւ դրութեամբ բարելաւել՝ հիմնադրամի առանցքային հարցերէն է։ Նմանակերպ ծրագիրներ պիտի իրականանան նաեւ Գերմանիոյ ու աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ։
Այս ընկերային եւ մարդասիրական ներդրումներով հիմնադրամը մաս կը կազմէ այն քաղաքացիական ընկերութեան, որ մեկուսացած, հալածուած եւ խտրականութեան զոհ դարձած մարդոց նեցուկ կը կանգնի եւ անոնց կը վերադարձնէ անոնց ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը։
Հիմնադրամի ծրագիրներու եւ դրամագլուխի մասին որոշումները կը տրուին հոգաբարձութեան մը կողմէ, որուն անդամներն են՝ հիմնադիրէն զատ՝ տիար տոքթ. Տիգրան Տապաղ՝ իրաւաբան (Պոխում), տիար Միրկօ Ռատկէ՝ ճարտարապետ (Տիւսըլտորֆ), տիար տոքթ. Կարէն Առաքելեան՝ բժիշկ (Պերլին), տիար Ամիլ Կորկիս՝ ճարտարագէտ (Պերլին) եւ տիար Եուսէֆ Պեթ Տուրօ՝ թղթակից։
Ալպէր Սեւինչ հիմնադրամը կը գործակցի բոլոր այն անձերուն, միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն հետ, որոնք նոյնանման նպատակ կը հետապնդեն։
ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ
Ալպէր Սեւինչ հիմնադրամի առաջնահերթ պարտականութիւններէն է՝ նեցուկ հանդիսանալ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ պատերազմի պատճառով հալածուած արամայեցիներուն։ Իրենցմէ մեծ մասը արդէն իսկ գաղթած է ուրիշ երկիրներ , եւ անոնք, որոնք տակաւին հոն կը գտնուին, կեցած են անորոշ ապագայի մը առջեւ։ Հիմնադրամը կ՛ուզէ իրենց համար այնպիսի պայմաններ ստեղծել, որ անոնք մնան իրենց հայրենիքին մէջ։
Հիմնադրամին միւս կիզակէտը Հայաստանն է։ Տարիներէ ի վեր Ալպէր Սեւինչը կապեր հաստատած է հոն եւ կ՛օգնէ ընչազուրկ ընտանիքներուն։ Հիմնադրամի ուշադրութեան առարկան Գիւմրի քաղաքն է, որ 1988-ի Դեկտեմբերին երկրաշարժի բերումով գրեթէ հիմնովին քանդուեցաւ։ Սակայն հիմնադրամը ունի նաեւ միջազգային հեռանկարներ՝ օգնել աշխարհի մէջ անոնց, որոնք ցեղային կամ կրօնական պատճառներով կը հալածուին, կամ բրտութեան, հալածանքի ու ճնշման զոհ դարձած են։
Հիմնադիրին սրտագին փափաքն է, որ հիմնադրամը գործէ նաեւ Գերմանիոյ մէջ, ուր կը բնակի ինք ,եւ որուն նկատմամբ կը տածէ յատուկ յարգանք եւ երախտագիտական զգացում։