Ութհոգինոց Յարութիւնեան ընտանիքը նոր տուն կը ստանայ

1988-ի 7 Դեկտեմբերին, ահաւոր երկրաշարժ մը ցնցեց նախկին խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութիւնը, երբ Սպիտակ, Գիւմրի եւ այլ քաղաքներ ու գիւղեր ուժգնօրէն վնասուեցան ու քարուքանդ եղան: Աղէտը շուրջ 25 հազար մարդոց կեանքը խլեց, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ վիրաւորուեցան, եւ հարիւրհազարաւորներ անտուն մնացին:

Ի մասնաւորի Գիւմրիի մէջ, նախքան երկրաշարժը, 250 հազար մարդ կ՛ապրէր: Այսօր Գիւմրիի բնակիչները միայն 100,000-ի կը հասնին: Աւելին. ցարդ աղէտին հետեւանքը ակներեւ է. Հազարաւոր մարդիկ տնակներու մէջ կը բնակին դոմիկներու մէջ, որոնք երկրաշարժէն ետք սարքուեցան: Այս դոմիկները, որոնք որպէս առժամեայ լուծում նախատեսուած էին դարձան մնայուն բնակարաններ: Կոյուղիի դրութիւն չունին ասոնք: Ամառը տնակներուն երկաթը կը տաքնայ, իսկ ձմեռը ցուրտէն շատ չի պաշտպաներ. ցուրտ, որ կրնայ հասնիլ -25 աստիճանի: Հետեւաբար, Գիւմրիի բնակիչներէն շատեր գաղթած են այս դժնդակ պայմաններուն պատճառաւ կա՛մ Ռուսաստան եւ կամ Արեւմուտք:

Ալպէր Սեւինչ յաճախ Գիւմրի կը գտնուի եւ գիտէ անտանելի վիճակը, որու մէջ շատ ընտանիքներ պարտաւոր են ապրելու աղետալի երկրաշարժէն ետք: Քառասերունդ, 8 անդամնոց Յարութիւնեան ընտանիքը այն ընտանիքներէն է, որ ականատես եղած են երկրաշարժի եղեռնին եւ կը տառապին Գիւմրիի ծանր կենսապայմաններէն: Այն տնակը, ուր ապաստան գտան երկրաշարժէն ետք, 29 տարի իրենց տունը եղաւ: Այժմ հիմնադրամը գնած է Գիւմրիի մէջ գնած է իրենց համար յարկաբաժին մը, ուր վերջապէս կրնան բարօր կեանք ապրիլ:

All projects
Սահեցնել դէպի Ցուցակ