Գամիշլիի եւ Հասաքէի մէջ մանկապարտէզներու օժանդակութիւն

Պատերազմէն ամենաշատ տուժողները երեխաներն են: Ոչ միայն անոնց մանկութիւնը կը կործանուի, այլ նաեւ՝ անոնց ապագան, որովհետեւ պատերազմի տրաւմայական փորձառութիւննրը յաճախ մնայուն հետք կը թողեն:

Շրջուն բուժօգնութեան խումբեր տարեցներու համար Կոզարթոյի մէջ

Պատերազմը եւ պետական կառոյցներու թուլացումը պատճառ դարձան, որ կոզարթոցիները վերակազմակերպեն իրենց կեանքերը անձնական նախաձեռնութեամբ: Տարրական բժշկական խնամքը եւ կարիքաւոր անձանց հոգատարութիւնը յոյժ կարեւոր են:

Տիւսելտորֆի մէջ ուտեստեղէնի մառան. Տիւսելտորֆի մէջ ալ անօթի մարդիկ կան

Գերմանիոյ մէջ շատեր կը կարծեն, թէ քանի հարուստ երկրի մը մէջ կ՛ապրինք, ոչ ոք անօթի պէտք է ըլլայ: Դժբախտաբար, իրականութիւնը ճիշդ այդպէս չէ: Խորքին մէջ, նոյնիսկ Գերմանիոյ պէս բարգաւաճ երկրի մը մէջ, կան մարդիկ, որոնք կերակուրի դրամ չունին, կամ բաւարար եւ տեւական կերակուր գնելու կարողութիւն չունին:

Օժանդակութիւն ընտանեկան կազմութեան համար

Սուրիոյ մէջ տնտեսապէս կարեւոր վայրերը երկրին ծովեզերեայ եւ արեւմտեան մասերը կը գտնուին: Հեռաւոր Կոզարթոյի տնտեսական բարգաւաճումը տեղի ունեցաւ բամպակի աճեցման միջոցաւ 1950-ական թուականներուն, որուն կը յաջորդէ քարիւղի արտադրութիւնը:

Գիւմրիի մէջ «Որդիք Կիւլպէնկեան» ծերանոցի կառուցումը

Դեկտեմբեր 1988-ի ահաւոր երկրաշարժէն ետք Հայաստանի հիւսիսային քաղաք Գիւմրիի կեանքը ամբողջովին փոխուեցաւ: Երկրի երկրորդ ամենամեծ քաղաքի բնակչութիւնը գրեթէ կէսով նօսրացաւ (200,000-էն մօտ 100,000-ի իջաւ):

Եզիտի որբերը

Սինճար՝ եզիտիաբնակ քաղաք մը Իրաքի հիւսիս-արեւմուտքը, 2014-ի Օգոստոսին Տահեշէն յարձակումի ենթարկուեցաւ: Տահեշ, կամ Իսլամկան Պետութիւնը, սպաննեց բազում եզիտիներ, կիներ ու աղջիկներ առեւանգեց: Կարգ մը եզիտիներ դէպի քրտական ինքնավար շրջան խոյս տուին, մինչ ուրիշներ Սինճարի լեռները ապաստանեցան: Տակաւին վերջերս քաղաքը ազատեցաւ Տահեշի լուծէն:

Վերապատրաստման դասընթացքներ արամերէնի ուսուցիչներուն համար

Սուրիոյ Արամէական Մշակութային Միութիւնը ծրագրած է դիւրութիւններ, որոնց համաձայն ուսուցիչները պիտի մարզուին կամ վերապատրաստուին: Սոյն նախագիծը այժմ կը գործադրուի հիմնադրամիս նիւթական օժանդակութեամբ:

Ռեկենպոկենլանտի Երեխաներու հիւանդանոց. Մանկութիւն եւ մահ

Ծնողքի մը համար ամենացաւալի բաներէն է տեսնել իրենց զաւկին անբուժելի հիւանդութիւնը: Ծնողական հաճոյքը կրնայ ստուերանալ զաւկին տառապանքէն եւ այն ստուգութենէն, թէ ան շատ երկար պիտի չապրի կեանք կարճեցնող հիւանդութեան բերումով:

Տարրալուծարանի սարքաւորում Մոր Կապրիէլ վարժարան համար

Գամիշլիի Մոր Կապրիէլ վարժարանը ճանչցուած է իր գերազանց ուսուցչական կազմով: Իբրեւ արդիւնք՝ արամէական համայնքէն ֆինանսաւորուած եւ վարուած այս դպրոցի աշակերտները լաւագոյններէն են տարածաշրջանի մակարդակի վրայ:

Ութհոգինոց Յարութիւնեան ընտանիքը նոր տուն կը ստանայ

1988-ի 7 Դեկտեմբերին, ահաւոր երկրաշարժ մը ցնցեց նախկին խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութիւնը, երբ Սպիտակ, Գիւմրի եւ այլ քաղաքներ ու գիւղեր ուժգնօրէն վնասուեցան ու քարուքանդ եղան: Աղէտը շուրջ 25 հազար մարդոց կեանքը խլեց, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ վիրաւորուեցան, եւ հարիւրհազարաւորներ անտուն մնացին:

Քրաս Տիւսելտորֆ. Զանազան կարիքներու ծառայող կառոյց

Կառավարական սատարում վայելող հաստատութիւններուն եւ պաշտօններուն կողքին՝ կան նաեւ բազմաթիւ միութիւններ, որոնք ընկերային եւ մշակութային հարցերով կը զբաղին Գերմանիոյ մէջ: Այս միութիւնները յաճախ կը յառաջանան ընկերային կեանքի մէջ յանձնառու անհատներու նախաձեռնութեամբ:

Արամէական լեզուն,գիրը եւ գրականութիւնը պահպանելու օժանդակութիւն. «Աշլէյ Նիսապա»

Մայր լեզուն եւ գիրը պահպանելը, ինչպէս նաեւ զանոնք յաջորդ սերունդներուն փոխանցելը հսկայական մարտահրաւէր են, զոր արամէացիները ամենաշատ կը դիմագրաւեն սփիւռքի մէջ:

Սահեցնել դէպի Ցուցակ